Ըստ Էրտողանի՝ Սոչիի հանդիպումը լուծեց Արաքս գետի երկայնքով երկաթուղիի եւ մայրուղիի կառուցման հարցը

2021-12-06
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերով՝ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցը՝ Իլհամ Ալիեւ, իրեն պատմած է Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպման դրական արդիւնքներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Lragir.am-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա Նովըսթի»-ն։

«Ալիեւ ըսաւ, որ այս հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր. անիկա լուծեց Արաքս գետի երկայնքով երկաթուղիի եւ մայրուղիի կառուցման հարցը: Նիւթ կայ նաեւ դէպի Իգտիր մայրուղիին մասին. ասիկա յաջող քայլը պիտի ըլլայ Նախիջեւանի հարցը լուծելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանով ճամբորդելու համար, եւ մարդիկ պիտի կարենան անցնիլ, ապրանքներ տեղափոխել»,- ըսաւ Էրտողան՝ Թիւրքմենստան կատարած այցելութենէն ետք: Անոր խօսքը մէջբերած է Kanal 7 պատկերասփիւռի կայանը:

Էրտողան յիշեցուց, որ Անդրկովկասի մէջ հարցերու կարգաւորման վերաբերող «3+3» ձեւաչափով բանակցութիւններ վարելու Թուրքիոյ առաջարկը: «Մենք նախապէս առաջարկած էինք ստեղծել «վեցի հարթակ»՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան, Հայաստան, Իրան եւ, կարելիութեան պարագային՝ Վրաստան»,- յայտնեց ան:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ Ուրբաթ, Սոչիի մէջ եւ տեւեց շուրջ երեք ժամ: Մասնաւորապէս, ղեկավարները համաձայնեցան մինչեւ տարեվերջ յառաջացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործիքակազմեր, հայ-ազրպէյճանական սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու քայլեր ձեռնարկել։

Հանդիպումին աւարտին յայտարարուեցաւ, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային, բայց երեք կողմերէն դուրս Թուրքիան եղաւ առաջինը՝ այս հանդիպումին մասին տեղեկութիւն փոխանցողը: