Էրտողան վերընտրուած է «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը 24 մարտին վերընտրուած է երկրի մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին: Այս մասին կը տեղեկացնէ TRT հեռուստաալիքը` յղում տալով Անգարայի մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան 7-րդ համագումարուին կայացած քուէարկութեան արդիւնքներուն:
Բոլոր 1428 պատուիրակները միաձայն քուէարկած են անոր թեկնածութեան օգտին: Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողանն այս պաշտօնին առաջադրուած միակ թեկնածուն էր: