Էրտողան մասնակցած է բռնագրաւուած Վարանդայի մէջ օդակայանի բացման

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահին հրաւէրով մեկնած է Ատրպէյճան։
Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Էրտողան Ատրպէյճան կատարելիք այցի ժամանակ մասնակցած է Ֆիզուլիի մէջ 8 ամսուան ընթացքին կառուցուած օդակայանի բացման արարողութեան։
Երկու պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնուած են խորհրդանշական բանալիները։
Օդակայանի հիմքը դրուած էր 14 Յունուարին, առաջին փորձնական թռիչքը կայացած է 5 Սեպտեմբերին։