Էրտողան անէծքներ ուղղած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Անգարայի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է, թէ կ'անիծէ Աւստրիոյ կառավարութիւնը եւ երկրի դաշնային վարչապետ Սեպասթիան Քուրցը, որ Իսրայէլի դրօշները բարձրացուցած է պետական շէնքերու վրայ: Այս մասին կը յայտնէ Gazeta.ru-ն:
«Ես կ'անիծեմ Աւստրիոյ կառավարութիւնը, որ Իսրայէլի դրօշը կախած է վարչապետի վարչակազմի շէնքի վրայ: Ձեր պետութեան շէնքի վրայ ահաբեկչական պետութեան դրօշ բարձրացնելը կը նշանակէ ձեզ նոյնացնել ահաբեկչութեան հետ: Ըստ ամենայնի, Աւստրիան կը փորձէ իսլամներուն ստիպել վճարել իր կողմէ կատարուած հրեաներու ցեղասպանութեան համար»,- ըսած է Էրտողանը:
Աւելի վաղ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Կուրցը Իսրայէլի դրօշը բարձրացուցած էր իր վարչակազմի շէնքի վրայ՝ յայտարարելով, որ «Իսրայէլի վրայ ահաբեկչութիւններն արժանի են ամենախիստ դատապարտման»: