Էմանուէլ Մաքրոն քուէաթերթիկներու 97 տոկոսի հաշուարկէն ետք ձայներու 27,06%-ով առաջատար է

2022-04-11
Image

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին, նախանական տուեալներու համաձայն, առաջատարը գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն Է՝ հաւաքելով քուէներու 27,41 տոկոսը, քուէաթերթիկներու 95 տոկոսի մշակումէն յետոյ: Այդ մասին հաղորդած է հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութիւնը։

Երկրորդ տեղն է «Ազգային միաւորման» թեկնածու Մարին Լը Փենը, որ  ստաղած է քուէներու 24,03 տոկոսը: Երրորդ տեղն է «Չենթարկուած Ֆրանսա» ձախակողմեան շարժման առաջնորդ Ժան Լիւք Մելանշոնը`  քուէներու 21,57 տոկոսով: