Զելենսքին ռազմական դրութիւն յայտարարած է Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին

2022-02-24
Image

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ռազմական դրութիւն յայտարարած է երկրի ամբողջ տարածքին: 

Զելենսքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ու պաշտպանական համակարգերը կ'աշխատին: «Խուճապի մի մատնուիք, մենք ուժեղ ենք, մենք պիտի յաղթենք», դիմելով քաղաքացիներուն` ըսած է Զելենսքին:

Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն խօսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ եւ ամերիկեան կողմը արդէն միջազգային օգնութիւն կը նախապատրաստէ Ուքրանիոյ համար:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 24-ի վաղ առաւօտեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդէս եկած էր նոր ուղերձով` յայտնելով Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսելու որոշման մասին:

«Հանգամանքները մեզմէ կը պահանջեն վճռական ու անյապաղ գործողութիւններ: Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները խնդրանքով դիմած են Ռուսաստանին: Անոր հետ կապուած որոշած եմ յատուկ ռազմական գործողութիւն իրականացնել», յայտարարած է Փութին: