Եւրոպական միութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային տարածքը Ռուսաստանի համար

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տեր Լայէն Պրիւքսէլի մէջ յայտնած է, որ Եւրոպական միութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային տարածքը Ռուսաստանի համար:
«Մենք կը փակենք օդային տարածքը Ռուսաստանի մէջ արձանագրուած կամ Ռուսաստանի կողմէ վերահսկուող բոլոր օդանաւերուն համար: Անոնք չեն կրնար Եւրամիութեան մէջ վայրէջք կատարել, օդ բարձրանալ կամ անցնիլ Եւրոմիութեան օդային տարածքով», ըսած է ֆօն տեր Լայէնը:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին փոխանցմամբ, պատժամիջոցը կը տարածուի ռուսական բոլոր, այդ շարքին` մասնաւոր օդանաւերուն վրայ:
Եւրոմիութեան մէջ չեն բացառում նաեւ նաւահանգիստները ռուսական նաւերու համար փակելու հնարաւորութիւնը, սակայն որոշում դեռ չկայ: