Եւրոմիութիւնը մտադիր է իր պատմութեան ամենախիստ պատժամիջոցներու փաթեթը կիրառել Ռուսաստանի դէմ

2022-02-24
Image

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ վրայ յարձակմամբ Ռուսաստանը խախտած է միջազգային տարրական կանոնները:

«Համաշխարհային հանրութիւնը պիտի չմոռնայ այս ամօթալի օրը: Մենք մեր գործընկերներուն հետ համատեղ պիտի արձագանգենք անոր: Մեր ամբողջ համերաշխութիւնը ուղղուած է Ուքրանիոյ», ըսած է նախարարը:

Պերպոք յայտնած է, որ Ռուսաստանի դէմ զանգուածային եւ ամենաազդեցիկ պատժամիջոցների ամբողջ փաթեթ մը պիտի գործադրուի:

Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տեր Լայէնն ալ ծանուցած է, որ այսօր երեկոյեան կայանալիք ԵՄ անդամ երկիրներու ղեկավարներու հետ ճգնաժամային հանդիպմանը ծանրակշիռ, ռազմավարական նշանակութեան ոլորտներու թիրախային պատժամիջոցներու շուրջ համաձայնութեան հարցը պիտի քննարկուի:

«Փութինը պատերազմը կը վերադարձնէ Եւրոպա: ԵՄ-ն վճռականօրէն կը դատապարտէ Ուքրանիոյ վրայ բարբարոսական յարձակումը: Մենք թոյլ չենք տար, որ Փութինը Եւրոպային խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահոված անվտանգութեան համակարգը փլուզէ», ըսած է Ուրսուլա ֆօն տեր Լայէն:

ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ժոզեփ Պորելն ալ ազդարարած է Ռուսաստանին աննախադէպ ծաւալի մեկուսացման որոշման մասին: Անոր խօսքով` Փետրուար 24-ը «Եւրոպայի համար ամենասեւ օրն է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն յետոյ»: