ԵՄ-ն պատրաստ է որպէս միջնորդ կառուցողական դեր խաղալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճնի միջեւ. Շարլ Միշել

Պաքուի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Ատրպէյճանի նախագահի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է կառուցողական դեր խաղալու որպէս միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ ի յաւելումն Մինսքի խումբի ջանքերուն։
«Մենք, ի հարկէ, յարգանքով կը վերաբերինք Մինսքի խումբի դերին, բայց այդ չի նշանակեր, որ ԵՄ-ն ալ չի կրնար տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւններ ապահովելու համար տրամադրել որոշակի փորձառութիւն, աջակցութիւն, գաղափարներ, եւ խրախուսել որոշ հնարաւոր բարելաւումները՝ աւելի շատ կայունութեան, աւելի շատ անվտանգութեան համար»,- ըսած է Շարլ Միշել։
Շարլ Միշելի այցը Պաքու աւարտած է, ան երէկ ժամանած է Վրաստան։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահն այսօր պիտի մասնակցի Պաթումիի միջազգային համաժողովին, որու ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Արեւելեան գործընկերութեան միացած երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի Շաբաթ՝ 17 Յուլիսին ժամանած էր Հայաստան, ուր վերջինիս հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է յիշատակել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու 13 ապրիլի յայտարարութիւնը, որով անոնք կոչ կ'ընեն կողմերուն լաւ յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման ձեռքբերման նպատակով առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային վերսկսիլ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը` համանախագահներու հովանիի ներքոյ:
«Ես արդէն մի քանի անգամ հրապարակայնօրէն ողջունել եմ խաղաղ բանակցութիւններ սկսելու այս յայտարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը պատրաստ է բանակցութիւնների վերսկսմանը, սակայն Ատրպէյճանը որեւէ արձագանգ չի տուել եւ ոչ պաշտօնական աղբիւրներից ստացած տեղեկութիւնների համաձայն՝ Ատրպէյճանը մտադիր է նոր ռազմական բախումներ հրահրել Արցախում եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչի արտայայտութիւնը մենք այսօր տեսնում ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածում»,- յայտարարած է Փաշինեանը:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը յայտարարած է, որ Եւրոմիութիւնը կ'ուզէ շատ հաւատարիմ, ներգրաւուած գործընկեր ըլլալ Հայաստանի բարօրրութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան համար։
«Այս շրջածիրէն ներս մենք առիթ ունեցած ենք մեր երկկողմ յարաբերութիւններու մասին խօսելու։ Ես շատ հզօր ուղերձ մը ձեզի յղեն՝ մենք ձեր կողքին ենք ու կը հաստատենք եւս մէկ անգամ աննախադէպ՝ 2.6 միլիառ եւրօ ֆինանսական փաթեթի տրամադրումը Հայաստանին, որպէսզի աջակցինք Հայաստանի առաջնահերթութիւններու իրականացման»,- ըսած է տարածաշրջանային այցով Երեւան գտնուող Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը՝ նշելով ենթակառուցուածքներու, թուային, կլիմայի, փոխադրային ոլորտներու, ժողովրդավարական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը։