Ատրպէյճանցի զինուորները սպառնացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներուն

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ ատրպէյճանցի զինծառայողները մահուան սպառնալիքներ հնչեցուցած են Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին մօտ իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներու հասցէին:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ «Լրագրողներ առանց սահմաններու»կազմակերպութիւնը այս մասին յայտնած է «Թուիթըր»-ի էջին կատարած գրառմամբ: