Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը ժամանած է Կիպրոս` մասնակցելու այնտեղ թրքական զօրքի մուտք գործելու 47-րդ տարեդարձին

Ատրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ժամանած է Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ անցած Հիւսիսային Կիպրոսի Հանրապետութիւն`մասնակցելու թրքական զօրքի Կիպրոս մուտք գործելու 47-րդ տարեդարձին, կը յայտնէ Greek City Times թերթը եւ կ'աւելցնէ, որ այդ ներխուժման հետեւանքով 200 հազար յոյներ փախստական դարձած են, հազարաւոր մարդիկ սպաննուած եւ հարիւրաւոր կանայք բռնաբարուած են:
Ընդունելով Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսի միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջխորհրդարանական կապերու յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը, որ կը ղեկավարէ Սամետ Սէյիտովը, թրքալեզու համայնքի ղեկավար Էրսան Սաները համոզմունք յայտնած է, որ Ատրպէյճանը պիտի ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի Հանրապետութիւնը: Առայժմ Կիպրոսի թրքական պետութիւնը ճանչցած է միայն Թուրքիան`հակառակ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 541 եւ 550 բանաձեւերուն:
Սէյիտով նշած է, որ Ատրպէյճանը Եւրոպական Խորհուրդէն ներս պիտի պաշտպանէ Հիւսիսային Կիպրոսի իրաւունքներն ու արդարութիւնը եւ շեշտած, որ Կիպրոսի հարցով Ատրպէյճանի մէջ իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն չկայ:
«Սա մեր հողն է: Թրքական աշխարհի մէջ կայ Թուրքիա, կայ Ատրպէյճան եւ կայ Հիւսիսային Կիպրոս», -ըսած է ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավարը`աւելցնելով, որ իրենք կ'ուզեն, որ Հիւսիսային Կիպրոսը զօրաւոր ըլլայ, որու համար անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ Հիւսիսային Կիպրոսը միասին ըլլան:
Թերթը յիշեցուցած է, որ հակառակ Միջերկրական ծովուն մէջ Ատրպէյճանին աջակցելու Թուրքիոյ խոստումներուն Պաքուի մէջ Յունաստանի դեսպանը անցեալ շաբաթ այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղի`Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններ եւ աւելցուցած, որ Ատրպէյճանի ներխուժումը Լեռնային Ղարաբաղ յանգեցուցած է այնպիսի ռազմական յանցագործութիւններու, ինչպիսիք են գլխատումները, սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը, եկեղեցիներու թիրախաւորումն ու լրագրողներու թիրախաւորումը: