Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը կը պահանջէ մեկուսացնել ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանները

2021-07-12
Image

Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիկ Զուլֆուկարովն իր վերաբերմունքը յայտնած է՝ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններու Ատրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրը չընդունելու եւ Շուշի մեկնելէ հրաժարելու մասին: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատվամիջոցները:

«Մինսքի խումբը վերջնականապէս մեռաւ... 3 պետութիւններու դեսպանները պէտք է պաշտօնական եւ հանրային մեկուսացման ենթարկուին (չընդունիլ զիրենք եւ չընդունիլ որեւէ միջոցառման անոնց հրաւէրները), քանի դեռ անոնք չեն այցելած Շուշա: Իւրաքանչիւր ոք, որ կը խախտէ այս կանոնը, ենթարկել քննադատութեան լրատուամիջոցներու մէջ»,- դիմատետրի իր էջին գրած է Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը:

Նշենք, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու դեսպանները հրաժարած են մասնակցիլ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած դիւանագէտներու այցին: