Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները համատեղ զօրավարժութիւններ կ'իրականացնեն Քաշաթաղի շրջանին մէջ

Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կը շարունակեն համատեղ զօրավարժութիւններ կայացնել Լաչինի (Քաշաթաղի) շրջանին մէջ՝ ըստ երկիրներու միջեւ կնքուած ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագրի:
Ինչպէս կը գրէ Minval.az-ը, ատրպէյճանական եւ թրքական զինուած ուժերը միասին մարտավարական զօրավարժութիւններ կ'իրականացնեն, որ կ'ուղեկցուի մարտական հրաձգութեամբ:
Ըստ երկրի ՊՆ հաղորդագրութեան՝ զօրավարժութիւններու հերթական օրը յատուկ նշանակութեան ջոկատները իրականացուցած են բարդ տարածքներուն մէջ հետախուզութիւն վարելուն, կապող ճանապարհներուն ծուղակներ լարելուն, ինչպէս նաեւ պայմանական հակառակորդին գաղտագողի մօտենալուն ուղղուած առաջադրանքներ: