Ատրպէյճանը բողոքի նոթա յղած է Թեհրանին՝ իրանական բեռնատարերու Արցախ «անօրինական» անցման պատճառով

Ատրպէյճանը բողոքի նոթա յղած է Իրանի դեսպանին. Պաքուն դժգոհ է, իրանական բեռնատարերու «առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թոյլտուութեան» Լեռնային Ղարաբաղ մուտք գործելուն վերաբերեալ։
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, դժգոհութիւնը փոխանցելու համար Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը հրաւիրուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Դեսպանին փոխանցուած է, որ վերջերս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկանող, տարբեր նպատակներու համար նախատեսուած մեքենաները «անընդհատ կը մտնեն եւ դուրս կու գան Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան՝ առանց պաշտօնական Պաքուի թոյլտուութեան»:
Ատրպեճանական կողմը ընդգծած է, որ այս թեմայով նախապէս եւս հնչած են դժգոհութիւններ, որոնք սակայն, փոխանցուած են բանաւոր կարգով։ Այժմ Պաքուն գրաւոր յոյս յայտնած է, որ «Իրանի նոր վարչակազմը գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ՝ կանխելու բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ոգիին չհամապատասխանող քայլերը»։