Աշխարհի 4 երկիրի մէջ սուր սով սկսած է․ ՄԱԿ

2021-06-23
Image

Եթովպիոյ, Մատակասքարի, Հարաւային Սուտանի եւ Եէմէնի մէջ սուր սով սկսած է, որ կը վկայէ աշխարհի մէջ այդ խնդրի մաշտապներու ընդլայնման մասին։ Այս մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի զեկոյցին մէջ։

Վերոնշեալ երկիրներուն մէջ սովի մատնուած է 584 հազար մարդ։ Եւս 41 միլիոն բնակիչ 43 պետութիւններու մէջ (համեմատած 2019 թուականին 27 միլիոնի հետ) սովի եզրին է։

Նման իրավիճակի պատճառներն են տեղային հակամարտութիւնները, կլիմայի փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական այնպիսի գործընթացները, ինչպիսիք են ճգնաժամը, արժոյթի արժէզրկումը, սննդամթերքի գիներու կտրուկ աճը։

Որպէս օրինակ՝ ՄԱԿ-ի մէջ յիշատակած են Լիբանանը, Նիճերիան, Սուտանը, Վենեզուելան եւ Զիմպապուէն, ուր գնաճը խիստ վատացուցած է բնակչութեան դրութիւնը։

Կազմակերպութենէն յիշեցուցած են, որ այս տարի պիտի իրականացնեն աջակցութեան ամենախոշոր ծրագիրը, որ կ'ընդգրկէ 139 միլին մարդ, որու համար ալ ծրագիրը ֆինանսաւորման սուր կարիք ունի։