Աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 200 միլիոնը

Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու թիւը գերազանցած է 200 միլիոնը։ Նման տուեալներ յայտնած է Ճոն Հոփքինսի համալսարանը՝ ամբողջացնելով դաշնային եւ տեղական իշխանութիւններու, ԶԼՄ-ներու եւ այլ բաց աղբիւրներու տուեալները։
Համալսարանի տուեալներով՝ մինչ օրս վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը ազմէ 200 014 602։ Համաճարակի ողջ ընթացքին մահացած է 4 252 873 հիւանդ։
Յիշեցնենք, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը COVID-19-ի բռնկումը համաճարակ յայտարարած էր 2020 թուականի 11 Մարտին։