Աշխարհը COVID-19-ի պատճառով մտած է իրական վտանգի շրջան

2021-08-06
Image

Մարդկութիւնը մտած է «իրական վտանգի ժամանակաշրջան», եւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի բազմաթիւ նուաճումներ այժմ «կ'ենթարկուին մաշման»: Այս մասին Ժընեւի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու համար ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուսը։

ԱՀԿ-ի ՝ 11 Հոկտեմբերին հրապարակած տուեալներու համաձայն ՝ համաճարակի ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը գերազանցած է 200 միլիոնը: Ինչպէս ընդգծած է Կեպրէյեսուսը, վարակի տարածման կը խթանեն ընկերային շփումները, առողջապահութեան եւ հասարակական ոլորտի մէջ անհետեւողական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ «անհաւասար պատուաստումը»։ Ան յիշեցուցած է, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի աւելի քան 80 տոկոսը «գացած է բարձր եւ միջին եկամուտներով երկիրներ»:

Գլխաւոր տնօրէնը սխալ համարած է ներկայ իրավիճակը, որու պարագային ցած եկամուտ ունեցող պետութիւններուն մէջ առողջապահութեան աշխատողները «պատուաստանիւթ չեն ստանար», մինչդեռ այլ երկիրներու մէջ կը պատուաստուին այն բնակիչները, որոնք լուրջ հիւանդանալու վտանգի չեն ենթարկուիր:

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ֆինանսական միջոցներու պահանջները կը գերազանցեն առկայ միջոցները, ըսած է գլխաւոր տնօրէնը: