Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքի շեմին է. ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւի աճի հիմնական պատճառը «Տելթա» շտամն է: Այս մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Արտակարգ յանձնաժողովի նիստի բացման յայտարարած է կառոյցի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրեյէսուսը:
«Տելթա» շտամը վարակումներու ներկայիս աճի հիմնական պատճառներէն է, այն կ'օգտուի ընկերային փոխգործակցութեան ու մարդոց տեղաշարժի աճէն»,- նշած է ան:
Կեպրեյէսուսի խօսքով՝ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակչութեան պատուաստումներու մակարդակի աճը սկսած էր տալ դրական արդիւնքներ, նուազած էր մահացութիւններու թիւը: Սակայն ան յայտնած է, որ այժմ իրադրութիւնը կրկին կը փոխուի եւ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի «երրորդ ալիքի շեմին է»:
«Նախորդ շաբաթ արդէն չորրորդ անընդմէջ շաբաթն էր, որու ընթացքին աշխարհի մէջ աճած է «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւը: 10 շաբթուան նուազման ցուցանիշներէն ետք սկսած է աճիլ նաեւ մահացութեան մակարդակը»,- յայտնած է Կեպրեյէսուսը: