Անգարան կը շարունակէ սիրաշահիլ Գահիրէն

Թուրքիան կրնայ կանգնիլ Գահիրէի, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի երկրներու հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու շեմին: Այս մասին Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալընը՝ Եգիպտոսը անուանելով «արաբական աշխարհի ուղեղն ու սիրտը»:
«Մենք կ'ուզենք համագործակցիլ Եգիպտոսի հետ Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ, Լիպիոյ եւ պաղեստինեան հարցով, որու մասին, կարծես, աշխարհը մոռցեր է»,- պարզաբանած է Քալըն: «Եթէ մենք կարողանանք կառուցողական երկկողմ քայլեր ձեռնարկել, այդ կրնայ օգնել իրավիճակի կայունացման տարածաշրջանին մէջ»:
Անոր խօսքով՝ երկխօսութիւնը կրնայ նպաստել երկկողմ ու տարածաշրջանային յարաբերութիւններու զարգացման: «Սա կը վերաբերի նաեւ Պարսից ծոցի երկիրներուն: Մենք չունինք անլուծելի խնդիր ոչ մէկ արաբական երկրի հետ»:
Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Թուրքիան կրնայ Եգիպտոսի հետ ծովային սահմանի սահմանազատման մասին համաձայնագիր կնքել՝ կախուած երկկողմ յարաբերութիւններու վիճակէն:
Շաբաթ օր պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը Եգիպտոսի որոշումը համարած է «Միջերկրական ծովին մէջ ստորջրեայ հետազօտութիւններուն մէջ Թուրքիոյ մայրցամաքային դարակը յարգելու շատ կարեւոր իրադարձութիւն»: Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը կը կիսեն պատմական, մշակութային եւ ընդհանուր արժէքներ։