Ամերիկացիներ փակած են Իսրայէլի համար հրթիռներ արտադրող ընկերութիւնը ՝ ի համերաշխութիւն պաղեստինցիներուն

2021-08-20
Image

Պաղեստինցիներուն զօրակից ամերիկացիներ փակած են «Ռայթէոն» հրթիռներ արտադրող ընկերութեան շէնքի մուտքերը, առ ի բողոք, որ ան զինամթերք կը վաճառէ Իսրայէլի: Այս մասին կը հաղորդէ Ալ-Մուտոն կայքը:

«Բողոքի պատճառը ընկերութեան Իսրայէլին վաճառած միլիառներ արժող զինմթերքն է, որոնք կը գործածուին սպաննելու պաղեստինցիներն ու գրաւելու անոնց հողերը, նաեւ պաշտպանելու Իսրայէլի ցեղապաշտական համակարգը»,- ըսած են բողոքին մասնակիցները:

Աղբիւրը նշած է թէ առաւօտ  կանուխ, բողոքի մասնակիցներէն երկուքը իրենք իրենց կապելով ինքնաշարժներու, փակած են ընկերութեան դարպասն ու մուտքը եւ արգելք հանդիսացած պաշտօնեաներուն, որ մտնեն կառոյց: Մօտաւորապէս 5 ժամ ընկերութիւնը փակ պահելէ ետք, ցուցարարները ձերբակալուած են:

Ի դէպ այս բողոքի ու ցոյցի կազմակերպիչներն են «Վանկ» անունով հակապատերազմեան խմբաւորումի մը անդամները: 

Իր կարգին «Ռայթէոն» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ ինք կը յարգէ մարդոց բողոքի իրաւունքը, այնքան ատեն, որ   այդ  բողոքները  կը  կատարուին խաղաղ ու օրինաւոր ճանապարհով: Ընկերութիւնը մասնագիտացած է հրթիռներ արտադրելու մէջ, յատկապէս երկաթեայ գմբէթաւոր հրթիռներ, զորս Իսրայէլ կ'օգտագործէ պաղեստինցիներ  սպաննելու   համար։

Ընկերութիւնը կը գտնուի ԱՄՆ  Մեսեչուսեց նահանգի Ուալթամ քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ ունի մասնաճիւղեր այլ նահանգներու մէջ:

Նոյն շրջածիրէն ներս, 17 ամերիկեան կազմակերպութիւններ յայտարարութեամբ մը դատապարտած են Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքի հիւանդանոցին եւ իսրայէլեան ընկերութիւններու միջեւ կնքուած պայմանագիրը: Անոնք կոչ ուղղած են առողջապահական ոլորտի աշխատակիցներուն, մերժելու պայմանգիրը, ընդգծելով թէ Իսրայէլ կը զրկէ պաղեստինցիները առողջական համակարգէն, հարուածելով առողջապահական ենթակառոյցները, ինչ որ Ժընեւի համաձայնագիրի ակնյայտ խախտում է: 

Յայտարարութեան մէջ ակնարկ եղած է,  Իսրայէլ «Քորոնա» համաճարակի ժամանակ իսկ Կազայի մէջ հարուածած է ամէնէն մեծ հիւանդանոցը  տանող ճամբաները, խոչընդոտելով հիւանդները հասնելու այնտեղ: Եւ թէ իսրայէլեան օդուժի հարուածները քանդած են բնակարաններ եւ 74 հազար պաղեստինցիներու տեղահանման պատճառ հանդիսացած։ Հետեւաբար աջակցիլը իսրայէլեան ընկերութիւններուն կը նշանակէ աջակցիլ իսրայէլեան բռնագրաւման ոտնձգութիւններուն եւ հազարաւորներու սպաննութեան, եզրափակած է յայտարարութիւնը: