«Ռուս-թրքական պայմանագիրը ստորագրումէն մէկ դար անց չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնը». Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ

2021-03-16
Image

Փաստաթուղթի ստորագրումէն մէկ դար անց Մոսկուայի պայմանագիրը չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Մուսթաֆա Շենթոփը, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

 Խորհրդարանի նախագահը խօսած է «Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները 16 մարտ 1921-ի Մոսկուայի պայմանագրի կնքման հարիւրամեակին» թեմայով քննարկումներու բացման, որ կազմակերպուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ:

 «Այս փաստաթուղթը դարձած է Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի կառավարութեան եւ մեր երկրի արեւելեան սահմաններու որոշման ճանաչման վկայութիւնը: Պայմանագիրը ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն մէկ տարի անց: Այսպիսով, երկու երկիրները ցոյց տուած են համերաշխութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան իրենց ցանկութիւնը»,-ըսած է Շենթոփը:

 Մոսկուայի ռուս-թրքական պայմանագիրը՝ Ռուսաստանի Խորհրդային Ֆետերաթիւ Սոցիալիստական (ընկերվարական) Հանրապետութեան (ՌԽՖՍՀ) կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ 1921 թուականի 16 մարտին կնքուած «եղբայրութեան եւ բարեկամութեան պայմանագիրը» բանակցուած է Մոսկուայի ռուս-թրքական երկրորդ համաժողովի (26 փետրուար - 16 մարտ, 1921 թուական) ժամանակ։

Սոյն պայմանագրով Ռուսաստանը կը ճանչնար Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը Ազգային մեծ ուխտի՝ թրքական ճանչցած բոլոր տարածքներու նկատմամբ։ Թուրքիան, իր հերթին, կը հրաժարէր Բաթումէն` փոխարէնը ստանալով Սուրմալուի գաւառը։ Պայմանագրով հաստատուած է Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը, որ կը գործէ առ այսօր:

Մոսկուայի ռուս-թրքական երկրորդ համաժողովը կայացած է 1921 թուականի 26 փետրուարէն մինչեւ 16 մարտ, Քեմալական Թուրքիոյ եւ խորհրդային հանրապետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով։

Համաժողովին ՌԽՖՍՀ-ն ներկայացուցած են Կէորկի Չիչերինը եւ Ճելալ Քորքմասովը, իսկ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութիւնը՝ Եուսուֆ Քեմալ Պէյը, Ռիզա Նուր Պէյը եւ Ալի Ֆուատ փաշան։ Ազգութիւններու այն ժամանակուան կոմիսար Ստալինի ջանքերու շնորհիւ Չիչերինը վերջնականապէս հրաժարած է մինչ այդ ունեցած հայանպաստ իր դիրքորոշումէն։ Հայաստանի սահմաններու հարցի կապակցութեամբ Չիչերինը յայտարարած է, որ իրենք չեն պնդեր սահմանը Արփաչայէն արեւմուտք եւ Արաքսէն հարաւ անցընելուն։ Այդ կը նշանակէր, որ Թուրքիոյ կ'անցնէին ոչ միայն ամբողջ Կարսի մարզը, այլեւ Սուրմալուի գաւառը, որ երբեք չէր եղած Թուրքիոյ կազմին մէջ։ Սակայն թրքական պատուիրակութիւնը չի բաւարարուիր այդքանով եւ կը պահանջէ, որ Նախիջեւանի մարզը չմնայ Հայաստանին, այլ դրուի Ատրպէյճանի հովանաւորութեան տակ, վերջինս ալ պէտք է պարտաւորուէր ապագային չզիջիլ այդ հովանաւորութիւնը երրորդ պետութեան մը, այսինքն՝ Հայաստանին։