«ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի հրթիռային ներուժի աճով». Սթոլթընպըրկ

2021-09-07
Image

ՆԱԹՕ-ն մտահոգուած է Չինաստանի եւ Ռուսաստանի միջուկային ներուժի աճով եւ մեծ թափանցիկութեան կոչ կ'ընէ: «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը՝ ելոյթ ունենալով սպառազինման վերահսկողութեան եւ զանգուածային ոչնչացման զէնք չտարածելու հարցով ՆԱԹՕ-ի ամենամեայ համաժողովին:

Համաժողովը, որ 17-րդ անգամ կը կայանայ 6-7 Սեպտեմբերին, կազմակերպուած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի եւ Դանիայի ԱԳՆ-ի կողմէ:

«Ռուսաստանը կը շարունակէ անտեսել եւ խախտել կանոնները: Ռուսաստանը կը զարգացնէ իր միջուկային հնարաւորութիւնները, այդ շարքին՝ միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռներինը»,- ըսած է Սթոլթընպըրկը:

Վերջինիս խօսքով՝ Ռուսաստանը «շահագործման յանձնած է գերձայնային համակարգեր, պալիսթիք հրթիռների, միջուկային սարքաւորմամբ թեւաւոր հրթիռներու փորձարկումներ իրականացուցած է»: Չինաստանը, անոր խօսքով, արագ կը զարգացնէ միջուկային ներուժը: Սթոլթընպըրկը աւելցուցած է, որ «թափանցիկութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը կը համապատասխանէ ընդհանուր շահերուն»: