«Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հաշտութեան պայմանագրի կնքման եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման խնդրի շուրջ քննարկումներուն». Զախարովա

2021-09-09
Image

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան իր ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղին եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն:

Ան ընդգծած է, թէ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հաշտութեան պայմանագրի կնքման եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման խնդրի շուրջ քննարկումներուն:

«Ցաւօք, կողմերու միջեւ կը պահպանուին քաղաքական հարցերու շուրջ սկզբունքային տարաձայնութիւններ, ուստի տուեալ փուլին առաջնային կը համարենք 2020-ի 9 Նոյեմբերի եւ 2021-ի 11 Յունուարի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու աներկբայ կատարումը եւ, ի հարկէ, առաջին հերթին այդ կը վերաբերի կրակի դադրեցման ռեժիմի պահպանման, մարդասիրական հարցերու լուծման, տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաարգելափակման եւ յոյս ունինք, որ տուեալ քայլերը կ'օգնեն պայմաններ ստեղծելու հայ-ատրպէյճանական կապերու եւ վերջնական քաղաքական կարգաւորման համար»,-ըսած է Զախարովան: