13 Յուլիսէն առ այսօր հակառակորդի կողմէ մարմնական վնասուածքներ ստացած է 36 զինծառայող. յարուցուած է 30 քրէական գործ

2020-07-17
Image

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի ռեժիմը խախտելու , Ժընեւեան համաձայնագրերու պահանջներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերը կոպտօրէն խախտելու, խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ ծանր հրետանային սարքեր, ականանետերով եւ այլ զինատեսակներով կրակոցներ արձակելու փաստերով ՀՀ քննչական կոմիտէի մօտ յարուցուած է 30 քրէական գործ:

Քննչական կոմիտէէն կը յայտնեն, որ 12-էն 16 յուլիս 2020 ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Տաւուշի մարզի տարբեր բնակավայրերու եւ հայկական մարտական յենակէտերու ուղղութեամբ տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ, այդ շարքին՝ հրասայլէ, 6 հարուածային անօդաչու թռչող սարքէ, 82մմ եւ 120մմ ականանետերէ, Դ30 հրանօթէ եւ այլ հրետանային սարքերէ արձակած են շուրջ 150 կրակոց:

Արձակուած կրակոցներու եւ անոնց հետեւանքով պատճառուած վնասներու փաստերով ՀՀ քննչական կոմիտէի մօտ ազգային ատելութեան շարժառիթով, շատերու կեանքին համար վտանգաւոր եղանակով, ապօրինաբար, դիտաւորութեամբ երկու եւ աւելի անձանց կեանքէն զրկելու եւ գոյքը դիտավորեալ ոչնչացնելու յատկանիշներով յարուցուած է եւ կը քննուի 30 քրէական գործ:

Նախնական տուեալներով՝ հայկական մարտական յենակէտերու վրայ կատարուած յարձակումներու, կրակոցներու հետեւանքով մարմնական վնասուածքներ ստացած է 36 զինծառայող, սպանուած է՝ 4 զինծառայող, վնասուած՝ 6 մեքենայ:

Տաւուշի մարզի տարբեր բնակավայրերու վրայ արձակուած կրակոցներու հետեւանքով վնասուած է 24 տուն, 1 քոնեակի եւ 1 գինիի գործարան, 1 մանկապարտէզ, գերեզմանատուն, 4 մեքենայ, 1 ջրագիծ, 1 կազատար, 1 ջերմոց, ոստիկանական 1 պահակակէտ, ուր գտնուող 2 ոստիկաններ ստացած են մարմնական վնասուածքներ: Բացի այդ, մարմնական վնասուածք ստացած է 1 քաղաքացիական անձ:

Քրէական գործերով ողջ ծաւալով կը կատարուին բոլոր անհրաժեշտ քննչական եւ դատավարական գործողութիւնները: