10.10.2020-ի ժամը 12:00-էն՝ հրադադար, բանակցային գործընթացի ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ

2020-10-10
Image

Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճեյհուն Պայրամովի՝  Մոսկուայի մօտ տասը ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք Լաւրովը դուրս եկած է լրագրողներու մօտ եւ ընթերցած է ընդունուած յայտարարութիւնը։

«Տիկնայք եւ պարոնայք,

Տեւական բանակցութիւններէն ետք մենք համաձայնեցուցած ենք հետեւեալ փաստաթուղթը։ Կը մէջբերեմ․

«Ի պատասխան Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի ուղերձին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի հետ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեանի պայմանաւորուածութիւններուն՝ կողմերը համաձայնեցան հետագայ քայլերու շուրջ․

1. Կը յայտարարուի կրակի դադարեցման մասին 2020 թուականի 10 հոկտեմբերի ժամը 12: 00-էն սկսեալ՝ ռազմագերիներու եւ այլ պահուած անձանց ու զոհուածներու մարմիններու փոխանակման նպատակով՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ չափորոշիչներուն համապատասխան:

2. Հրադադարի ռեժիմի յստակ չափորոշիչները կը յամաձայնեցուին լրացուցիչ։

3. Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ ձեռնամուխ կ'ըլլան էական (սուփսթենթիւ) բանակցութիւններու՝ խաղաղ կարգաւորման շուտափոյթ հասնելու նպատակով:

4. Կողմերը կը հաստատեն բանակցային գործընթացի ձեւաչափի անփոփոխութիւնը»։

Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար: Յոյսով եմ, որ դուք համապատասխան կ'արտացոլէք մեր այսօրուան աշխատանքի արդիւնքները»։