Ֆրանսայի ԱԺ-ն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հրատապ անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւ

2020-12-03
Image

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը այսօր՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ Ֆրանսայի Սենատի ընդունած պատմական որոշումէն մէկ շաբաթ անց, 188 կողմ եւ 3 դէմ ձայնով ընդունած է բանաձեւ, որուն մէջ կ'ընդգծուի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կ'արձանագրուին Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ճանապարհով խաղաղութեան գործընթացը ձախողելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու վարձկաններու տեղակայման փաստերը։

Նախորդ շաբաթ Ֆրանսայի Սենատը ընդունած էր Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ համապատասխան բանաձեւ եւ կոչ ըրած երկրի կառավարութեան ճանչնալու ԱՀ անկախութիւնը: