Օննիկ Գասպարեան․ «Ժամն է անգամ մը եւս հաստատելու հայոց զինական ուժի փառքը»

2020-09-27
Image

ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-հրամանատար Օննիկ Գասպարեան ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի յարձակման առնչութեամբ` նշելով, որ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները հակառակորդին զգալի կորուստներ պատճառելով յաջողութեամբ կը խափանեն անոր ծրագրերը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Օննիկ Գասպարեանի ուղերձին մէջ նշուած է. «Հայոց փառապանծ բանակի զօրավարներ, սպաներ, տասնապետներ, զինուորներ, իմ զինակից ընկերներ,

Ժամն է մէկ անգամ եւս հաստատելու հայոց զինական ուժի փառքը: Լաւագոյն հայորդիներու հազարաւոր կեանքերու եւ արեան գնով վաստակած մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը նորէն վտանգուած է:

Ազրպէյճանը, ոգեկոչելով մեր ազգի դարաւոր թշնամիի՝ Թուրքիոյ բազմա­կող­մանի աջակցութենէն, չէ հաշտուած 2016թ. Ապրիլին Արցախի եւ 2020թ. Յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւել­քի մէջ իր կողմէն սադրած մարտական գոր­ծողութիւններուն մէջ ջախջախիչ պարտութիւն կրելու հետ ու կրկին պատերազմ սան­ձազերծած է: Պաշտպանութեան բանակի առաջնագիծի ողջ երկայնքով ներկայիս կ՝իրականացնէ հրթիռահրետանային եւ օդային հարուածներ` զուգահեռ հրետա­կո­ծութեան ենթարկելով քաղաքացիական բնակավայրերը:

Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները հակառակորդին զգալի կորուստ­ներ պատճառելով յաջողութեամբ կը խափանեն անոր ծրագրերը:

Իմ զինակից ընկերներ.

Կոչ կ՝ընեմ, շարունակելու պատուով կատարել Հայրենիքի պաշտպանի սուրբ առաքելութիւնը` ապաւինելով մեր կուռ բազուկի զօրութեան, արհամարհելով վտանգն ու թշնամին, մարտնչելով անմնացորդ նուիրումով ու անձնազոհութեամբ:

Հայոց բանակի քաջարի մարտիկներ, եկած է ժամանակը ցոյց տալու Ձեր ոգիի արիութիւնը, բազուկի ոյժը եւ անսահման ատելութիւնը քոչուոր ու անհայրենիք քարան­ձաւային ցեղի մնացորդներուն նկատմամբ:

Դուք փառապանծ  ու փառայեղ յաղթանակներ կերտած բանակի զինուորներ էք:

Ըլլանք արժանի հայոց զէնքի եւ անուան փառքին:

Մեր գործը արդար է, մենք կը պաշտպանենք մեր պապերուն սուրբ հողը, հայ­կական տունը, մեր պատիւն ու մեր ժողովուրդի` ազատ երկրի մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը:

ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵ՛ՆՔ»: