Փութին ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը քննարկած է Փաշինեանի ու Ալիեւի հետ

2020-11-03
Image

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ քննարկած է ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը:

«Վլատիմիր Փութինը 1 նոյեմբերին եւ 2 նոյեմբերին, համապատասխանաբար, հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Համակողմանիօրէն քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը»,- ըսուած է Քրեմլի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։