Փաշինեան կոչ կ'ընէ խստիւ հետեւելու հակահամաճարակային կանոններուն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կոչ կ'ընէ խստիւ հետեւիլ «Քորոնա» ժահրի վարակի տարածումը կանխելու հակահամաճարակային կանոններուն: Այս մասին Փաշինեանն ըսած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջի ուղիղ եթերի ընթացքին:
«Ես այսօր փողոցը կը տեսնեմ իրար ձեռքով բարեւող մարդիկ, իրար շատ մօտ կանգնած զրուցող մարդիկ, սա շատ մեծ խնդիր է, եւ մենք կրնանք լուրջ ճգնաժամի առաջ կանգնիլ: Քանի որ «Քորոնա» ժահրը նուազագոյնը մէկ տարի մեր կողքը պիտի ըլլայ, պէտք է սորվինք ապրիլ զուգահեռ: Բայց այդ չի նշանակեր առանց կաշկանդուածութեան ճգնաժամ ստեղծել: Կոչ կ'ընեմ խստիւ հետեւելու հակահամաճարակային կանոններուն: Անոնցմէ երեքը լիարժէք հնարաւորութիւն կը ստեղծեն չվարակուելու եւ չվարակելու՝ ընկերային հեռաւորութեան պահպանում, չախտահանուած ձեռքերով դէմքին չդպնալը, չմաքրուած սպասքէ չօգտուիլը»,- ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետը նշած է, որ ամէն օր Հայաստանի մէջ կ'արձանագրուին «Քորոնա» ժահրով վարակման հարիւրէ աւելի նոր դէպքեր, եթէ այդ ընթացքը շարունակուի, կրնայ նոր սահմանափակումներու երթալու պատճառ դառնալ:
Հայաստանի մէջ 16 մարտէն յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն, որ երկարաձգուած է մինչեւ 14 մայիսը, ժամը 17:00-ն: