Փաշինեանը Մերքէլին կոչ ըրած է գործադրելու ամէն ջանք Թուրքիոյ ապակառուցողական կեցուածքը սանձելու համար

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 28 սեպտեմբերի ժամը 20:00-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ՝ Անկելա Մէրքէլի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութենէն։
ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է տարածաշրջանի իրավիճակը: Ան նշած է, որ Արցախը ենթարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ յարձակման եւ խիստ մտահոգութիւն յայտնած շարունակուող ռազմական գործողութիւններով, որոնք կը սպառնան Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան: Ան աւելցուցած է, որ յուլիսեան դէպքերէն ի վեր Թուրքիան աննախադէպ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ տարածաշրջանին մէջ: Վարչապետ Փաշինեան Գերմանիոյ վարչապետին կոչ ուղղած է գործադրելու ամէն ջանք Թուրքիոյ յարձակողական եւ ապակառուցողական կեցուածքը սանձելու եւ տարածաշրջանին մէջ անոր ներգրաւուածութիւնը բացառելու համար:
Գերմանիոյ վարչապետը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է ստեղծուած իրավիճակով: Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը չունի այլընտրանք եւ ընդգծած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: