Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Փութինի հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, կը հաղորդէ Քրեմլի պաշտօնական կայքը։
Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրումը։
Փութինը Փաշինեանի հետ զրոյցի ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ բախումներու վերսկսման կապակցութեամբ։
«Ռուսական կողմէն լուրջ մտահոգութիւն յայտնուած է լայնամաշտապ ռազմական բախումներու վերսկսման կապակցութեամբ։ Նշուած է, որ այժմ կարեւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը դիմակայութեան հետագայ թէժացումը թոյլ չտալու համար, իսկ ամենակարեւորը՝ պէտք է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները»,- նշուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ: