Փամբուխչեանը փոխարինող «Իմ քայլ»ի 30-ամեայ նոր պատգամաւոր Գոռ Երանեանը պատմաբան է

2020-09-25
Image

Նախկին պատգամաւոր Արմէն Փամբուխչեանին յաջորդող թեկնածուն` Գոռ Երանեանը պիտի ստանձնէ մանտաթը: Այս մասին ան ըսած է NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ:

«Մասնագիտութիւնս ու լեզուներու իմացութիւնս կ'ենթադրէ, որ ուշադրութեան կեդրոնս ըլլան տարածաշրջանային խնդիրները»,- ըսած է ան News.am-ին: 

Գոռ Երանեանը 30 տարեկան է, ծնունդով Արարատի մարզի Դարակերտ գիւղէն է, անկուսակցական է:

Գոռ Երանեանը պատմաբան է, սորված է ԵՊՀ Պատմութեան բաժնէն ներս, ասփիրանթական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկէն ներս:

Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող է, կ'աշխատի նաեւ Մաշտոցեան Մատենադարանի ու «ՍիւիլՆեթ»ի մէջ։

2017-2020 թուականներուն դասաւանդած է ԵՊՀ Պատմութեան բաժնէն ներս։

Յիշեցնենք, որ Արմէն Փամբուխչեանը պատգամաւորական մանթատէն զրկուած է` իր դիմումին համաձայն: Ան պիտի տեղափոխուի գործադիր՝ զբաղցնելով ԱԻ փոխնախարարի պաշտօնը: