Տեղի ունեցածը այլ կերպ, քան քստմնելի սադրանք, ես չեմ կրնար անուանել. ՀՀ վարչապետը դատապարտեց ԱԺ-ի մէջ տեղի ունեցածը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քիչ առաջ ԱԺ ամպիոնէն անդրադարձաւ այսօր առաւօտեան տեղի ունեցած միջադէպին։ Մինչ այդ, սակայն, ան շնորհաւորեց բոլորը Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձի, ինչպէս նաեւ 2018 թուականի ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան յաղթանակի 2-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ։
«Իմ եզրափակիչ ելոյթը պիտի վերաբերէր տեղի ունցած քննարկումներուն եւ կառավարութեան ծրագրի ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցին, բայց չեմ կրնար չանդրադառնալ այն ամէնուն, ինչ տեղի կ'ունենայ եւ տեղի ունեցած է այս դահլիճին մէջ եւ այսօր առաւօտեան տեղի ունեցաւ մեր բոլորի աչքին առաջ։
Ես կ'ուզեմ միանշանակ եւ աներկբայ ընդգծել իմ վերաբերմունքը՝ ըսելով, որ կը դատապարտեմ բռնութեան որեւէ երեւոյթ՝ իր բոլոր դրսեւորումներով։ Կ'ուզեմ ընդգծել՝ բռնութիւնը՝ իր բոլոր դրսեւորումներով։ Որովհետեւ բռնութիւնը կ'ըլլայ ոչ միայն ֆիզիքական, այլեւ բարոյական եւ հոգեբանական։ Պէտք է շատ ուղիղ ընդգծել, որ արդէն 2 տարի յեղափոխական խումբը, այդ շարքին՝ այս խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ այս կառավարութիւնը, հետեւողականօրէն եւ շարունակաբար կ'ենթարկուին բարոյական ու հոգեբանական բռնութիւններու։
Ներողութիւն կը խնդրեմ ըսելու համար, բայց խորհրդարանական մեծամասնութեան կին պատգամաւորներուն ընկերային ցանցերու մէջ կը սպառնան բռնաբարել, անոնց երեխաներուն կը սպառնան փողոցներումն մէջ սատկեցնել, ամենավերջին ստայօդ, քստմնելի տեղեկութիւնները կը տարածեն ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ներկայացնող պատգամաւորներու վերաբերեալ, եւ այս ամէնն ունի 1 նպատակ՝ խեղճացնել քաղաքական մեծամասնութիւնը, քայքայել քաղաքական մեծամասնութիւնը, քայքայել ժողովուրդի եւ քաղաքական մեծամասնութեան միջեւ առկայ վստահութիւնը։
Եւ, այո,՛ երէկ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը ինծի հրաւիրած է սուրճ խմելու, եւ ես ընդունած եմ հրաւէրը, ես իջած եմ իմ նախկին աշխատասենեակ, ուր այժմ պարոն Մարուքեանը կը նստի եւ ուղիղ ըսած եմ, որ՝ այո՛, պարո՛ն Մարուքեան, մենք բոլորս ունինք հիմքեր՝ կասկածելու, որ դուք եւ ձեր գործունէութիւնը՝ այդ ողջ հոգեբանական, բարոյական բռնութիւնները եւ, ի վերջոյ, ֆիզիքական բռնութիւններ գործարկելու ծրագրի անբաժանելի մէկ մասն էք, եւ ես, այսօր դիտելով առաւօտեան տեղի ունեցածի տեսագրութիւնը, պարզ հարց կու տամ։ Միջադէպը, որ դատապարտելի է, տեղի ունցած է ա՛յ այնտեղ»,- ըսաւ վարչապետը՝ ցոյց տալով միջադէպի վայրը։
Այնուհետեւ ան հարց բարձրացուց, թէ այդ հատուածը ի՞նչ գործ ունէր ելոյթ ունեցող պատգամաւորը: «Երբ որ ամպիոնէն կ'իջնէր եւ մեծ արագութեամբ կ'երթար դէպի պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանը, ինչո՞ւ համար կ'երթայ՝ քաղաքական երկխօսութիւն ծաւալելո՞ւ։ Եթէ նոյնիսկ Սասուն Միքայէլեանը շարժած էր, ուրկէ՞ վստահութիւնը, որ ան, ուղղակի վրդովմունքը իր ձեւով արտայայտելով, դուրս պիտի չգար այս դահլիճէն։ Տեղի ունեցածն այլ կերպ, քան սադրանք, քստմնելի սադրանք, կը ներէք, ես չեմ կրնար անուանել»:
«Ես կը դատապարտեմ այն, որ մենք կը տրուինք սադրանքներու։ Իմ եղբայրը, իմ ընկերը ես կը դատապարտեմ, որովհետեւ մենք իրաւունք չունինք տրուելու սադրանքներուն»,- Սասուն Միքայէլեանին նկատի ունենալով՝ ԱԺ ամպիոնէն այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Շարունակելով անդրադառնալ առաւօտեան տեղի ունեցած միջադէպին՝ վարչապետն ընդգծեց՝ իրենց անընդհատ, ամէն օր կ'ուզեն շեղել իրենց արժէքներէն։
«Այս ամպիոնէն այդ նոյն մարդը կ'ըսէր մեզի՝ շէնքի մուտքի բակերուն մէջ պիտի ծեծէ՞ք։ Անոնք կ'ուզեն մեզի դարձնել իրենց ծեծողներ, անոնք կ'ուզեն մեզի հաւասարեցնել քիլլըրներու (ոճրագործ), անոնք կ'ուզեն մեզ շեղել մեր արժէքներէն, անոնք կ'ուզեն մեզ հանել հաւասարակշռութենէն։ Եւ, այո՛, այսօր Հայաստանի մէջ հաստատուած է բացառիկ իրավիճակ, երբ որ իշխանութիւնը ամէն օր կը դառնայ բռնութեան զոհ։ Ամէն օր կը դառնայ բռնութեան զոհ՝ սերժական, քոչարեանական յանցաւոր խումբին եւ անոնց խորհրդարանական սպասարկողներուն կողմէ։ Սա է ճշմարտութիւնը։ Եւ ես կ'ուզեմ խօսիլ նաեւ օրէնքի եւ օրինականութեան տեսակէտէ։ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի մէջ կաշառքը կը համարուի յանցագործութիւն, բայց առանձին յանցագործութիւն ալ կայ՝ կաշառքի սադրանքը։ Սադրանքը նոյնպիսի յանցագործութիւն է, ինչ անոր հետեւանքները։ Այս է իմ գնահատականը այսօր տեղի ունեցած միջադէպին։ Եւ, այո՛, ես կը դատապարտեմ մեզ եւ կը դատապարտեմ ինձ։ Եւ այսօր տեղի ունեցածը կը համարեմ մեր եւ անձամբ իմ ամենամեծ պարտութիւնը, որ մենք ունեցեր ենք յեղափոխութենէն ետք»,- յայտարարած է Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ այդ որեւէ մէկուն յուսավառ թող չընէ։
Այդ առիթով ան յիշեց յեղափոխութեան առիթով իր գրած տողերը. «Ես պարտուել եմ, պարտուել եմ քանիցս ու տեսել քմծիծաղը ստի, բայց իմ կամքը ամուր է քարից էլ, իմ ոգին յանձնուել չգիտի»։
Փաշինեանը նկատեց, որ, այո՛, այդ ամէնը կապ ունի ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքի հետ, որուն մասին խօսած էր «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը։
Վարչապետը ըսաւ, որ այդ ամէն ինչը կապ ունի բազմաթիւ եւ բազմապիսի քրէական գործերու հետ։ «Որովհետեւ, երբ այդ գողցուած միջոցները վերադարձնեն, ապա ուրկէ՞ իրենց «թուլափայը» պիտի ստանան «թուլափայ» ստացողները։ Եւ շատ կենսական հարց կը լուծուի այսօր։ Այսօր բռնութեան կ'ենթարկուի ոչ միայն իշխող մեծամասնութիւնը, հոգեբանական բռնութեան կ'ենթարկուի հանրութիւնը։ Որովհետեւ անոնք կ'ուզեն մեզի դնել ընտրութեան առաջ՝ կա՛մ մենք պէտք է դառնանք բակերու մէջ ծեծողներ, կա՛մ մեր խմբակիցները պէտք է վախնան բակեր մտնելէ։ Թոյլ չենք տար, այո՛, այդ բակերուն մէջ ձեզի «ասֆալթներուն» կը պառկեցնենք։ Դուք չունիք հնարաւորութիւն Հայաստանի ժողովրդէն վերցնել այն իշխանութիւնը, որ կը պատկանի ժողովուրդին։ Ես 100 անգամ ըսեր եմ այս մարդոց՝ գացէք նայեցէք հարիւրաւոր ելոյթներ։ Գացէք տեսէք, թէ ինչպէս խօսած է Էտմոն Մարուքեանը Յովիկ Աբրահամեանի հետ այս ամպիոնէն, գացէք տեսէք, թէ ինչպէս խօսած է Էտմոն Մարուքեանը Սերժ Սարգսեանի հետ այս ամպիոնէն եւ գացէք տեսէք, թէ ինչպէս անոնք կը խօսին ժողովուրդի օրինական իշխանութիւն ունեցող իշխանութեան հետ՝ ըսելով, որ քանի մը վայրկեան պիտի խօսիմ, պիտի անդրադառնամ ելոյթի, բայց կ'ափսոսամ այդ քանի մը վայրկեանը»,- շարունակեց ան։
Վարչապետը շեշտեց. «Բռնութիւնը մեր իրականութեան մէջ տեղ չունի, եւ այդ միջադէպը այլեւս երբեք պէտք չէ կրկնուի»։
Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը՝ Փաշինեանն ըսաւ. «Բայց ես դարձեալ կ'ուզեմ ըսել՝ այո,՛ ժողովո՛ւրդ, մենք այսօր պարտուեցանք։ Ես կը դատապարտեմ, յարգելի՛ պարոն Միքայէլեան, ձեզ, ես կը դատապարտեմ ինձ, ես կը դատապարտեմ մեզ, կը դատապարտեմ՝ ծառայութեան ՀՀ ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին եւ այն արժէքներուն, որոնք դարձեր են 2018 թուականի ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան շարժիչ, տանող ուժ»: