Տաւուշեան մարտերու 71 մասնակիցներ պիտի պարգեւատրուին «Մարտական խաչ»ով, եւս մէկը՝ Ազգային հերոսի կոչմամբ

2020-08-15
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանրապետութեան նախագահին ուղղուած միջնորդութիւն ստորագրած է` տաւուշեան յաղթական մարտերու աշխոյժ դերակատարները «Մարտական խաչ» առաջին եւ երկրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրելու, ինչպէս նաեւ հրամանատար Ռուբէն Սանամեանին ազգային հերոսի կոչում շնորհելու մասին: Այս մասին Փաշինեանը գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին:

«Այսօր Հանրապետութեան Նախագահին ուղղուած չափազանց կարեւոր միջնորդութիւն ստորագրած եմ եւ այդ առիթով հեռախօսազրոյց ունեցած եմ Նախագահին հետ։ Տաւուշեան յաղթական մարտերու աշխոյժ դերակատարներէն 16 զինծառայող ներկայացուցած եմ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի, 55 զինծառայող՝ «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրման։ Իսկ հրամանատար Ռուբէն Սանամեանը՝ Ազգային հերոսի կոչման՝ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրման։ Քիչ առաջ նաեւ պատիւ ունեցայ Սանամեանի հետ հանդիպելու։

Ասիկա գնահատանքի իրապէս արժանի տուրք է Տաւուշեան յաղթական մարտերու բոլոր մասնակիցներուն, Հայոց բանակի բոլոր զինուորներուն, սպաներուն, զօրավարներուն։

Հին եւ նոր ժամանակներու մեր բոլոր հերոսներուն, մեր բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց օրինակով ոգեշնչեցին մեր նորօրեայ հերոսները, որոնց կողքին ապրելու պատիւը կը վայելենք այսօր։

Փա՜ռք Հայոց բանակին»,- գրած է վարչապետ Փաշինեան։