Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետը եւ նախագահը Անկախութեան տօնի առթիւ

2020-09-21
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,

Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ:

Ռուսաստանի մէջ կը կարեւորեն Հայաստանի հետ բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւնները:

Վստահ եմ, որ մեր երկիրներու կառուցողական երկխօսութիւնը, տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու շրջածիրէն ներս փոխգործակցութիւնն այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն աշխոյժօրէն զարգանալ: Այն, անկասկած, կը համապատասխանէ ռուս եւ հայ ժողովուրդներու շահերուն, կ'ընթանայ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հունով:

Կը մաղթեմ Ձեզի, յարգելի Նիկոլ Վովայի, քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն»։

 

ՌԴ նախագահը շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին, որուն մէջ ըսուած է.-

«Յարգելի Արմէն Վարդանի,

Ընդունեցէք ամենաջերմ շնորհաւորանքներս ազգային տօնի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ:

Մեր երկիրներու յարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի աւանդոյթներուն վրայ: Դաշնակցային յարաբերութիւններու, բազմակողմ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը, անկասկած, կը բխի մեր եղբայրական ժողովուրդներու երկարաժամկէտ շահերէն եւ կը նպաստէ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման տարածաշրջանին մէջ:

Անկեղծօրէն կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի բարեկամ ժողովուրդին՝ բարօրութիւն եւ բարգաւաճում»: