Վիճակը հետզհետէ կը բարդանայ. Նախարար Արսէն Թորոսեան

Առողջապահութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն կ'առանձնացնէ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու եւ «Քորոնա» ժահր ունեցող, բայց այլ հիւանդութեան հետեւանքով մահացածներու վիճակագրութիւնը: «Քորոնա» ժահրային վարակի հետեւանքով մահացած է 42 հոգի, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է 30 հոգի, ծանր է 80-ի վիճակը, 8 հիւանդներ արհեստական շնչառական սարքի օգնութեամբ կը շնչեն:
Վիճակը հետզհետէ կը բարդանայ, ըսած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, անդրադառնալով 6 Մայիսին հրապարակուած 163 նոր դէպքերուն.- «Այս պահին բարձրունքի վրայ, այսինքն` բարձրանալու վրայ ենք, դեռ կը դիմանանք, մնացածն ալ իրավիճակի զարգացման զուգընթաց»:
Նախարար Թորոսեան հնարաւոր համարած է արտակարգ դրութեան ժամկէտը երկարաձգելու խնդիրը, հարցը կը քննարկուի մինչեւ Մայիս 14։ Արսէն Թորոսեան շեշտած է, թէ սահմանափակումներու մեղմացման զգուշաւորութեամբ կը վերաբերի, սակայն հնարաւոր չէ անվերջ փակուած ապրիլ.- «Մենք պէտք է սորվինք ապրիլ, հիմա թէ այդ սորվելու ընթացքը մեր մօտ ինչքան արագ եւ ինչքան անցաւ կ'անցնի, կախուած է մեր բոլորէն, ոչ միայն ինծմէ կամ կառավարութենէն, որովհետեւ եթէ ցաւոտ սովինք, իսկ ցաւոտը մեծաթիւ դէպքերն են, շատ մահերն են, ծայրայեղ ծանր շատ դէպքերն են, այդ դժբախտութիւն կ'ըլլայ բոլորիս համար, բայց այլընտրանք չկայ, մենք պէտք է սորվինք ապրիլ: Սորվիլն է օրինակ` դիմակ կրելը փակ վայրերու մէջ, իրարմէ հեռու կանգնիլը»:
«Քորոնա» ժահրի վարակ հաստատուած է Ազգային ժողովի աշխատակիցներէն մէկուն մօտ, այս մասին խորհրդարանական ամպիոնէն տեղեկացուցած է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանը:
Առողջապահական գերատեսչութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որմով աշխատանքի կը կանչէր բժիշկ-բուժքոյրեր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հիւանդներու հետ աշխատելու համար։ Ըստ Ալինա Նիկողոսեանին՝ դիմողները այնքան շատ եղած են, որ անձնակազմի պակաս արդէն չկայ.- «Արձագանգած է հազարէ աւելի բուժաշխատող, որոնց մէջ կան թէ՛ ուսանողներ, թէ՛ մայրապետեր, թէ՛ բժիշկներ, թէ՛ բուժքոյրեր, նոյնիսկ ատամնաբոյժներ: Իրենք մինչեւ բժշկական հաստատութիւն մտնելը կը վերապատրաստուին»:
Բուժաշխատողներու պահանջարկը պայմանաւորուած չէ այն հանգամանքով, որ մեծ է վարակակիր բուժաշխատողներու թիւը` շուրջ 320 հոգի։ Առողջապահութեան նախարարութեան պարզաբանումով՝ վարակակիր բժիշկները մեկուսացման փուլէն յետոյ արագ կը վերադառնան աշխատանքի, անձնակազմի պակասը պայմանաւորուած էր վարակակիրներու ընդհանուր մեծ թիւով։ Այս պահուն բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը բուժուին 1648 հիւանդ։