Վիճակը ծանր է. «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հետ գործ ունինք. Նիկոլ Փաշինեան

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերաբերեալ երկրին մէջ հաստատուած է բաւական ծանր իրավիճակ, ըստ էութեան, կրնանք ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հետ գործ ունինք: Այս մասին, 26 մայիսին, պարէտատան նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Անոր խօսքով, իրենք քանի օր է կը քննարկեն, թէ որքանով պարէտատան սահմանած կանոնները համարժէք են իրավիճակին. «Մեր քննարկումներու եզրակացութիւնը միանշանակ է, որ պարէտատան կանոնները բովանդակային առումով ազդու են, եւ խնդիրը կը մնայ այդ կանոնները պահպանելը: Ցաւօք, մենք խնդիր ունինք այդ կանոններու պահպանման որակի հետ»,-ըսած է վարչապետը:
«Մենք չենք զլանար հարկադրանքի միջոցներ կիրառել, մասնաւորապէս դիմակի կրման հետ կապուած: Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ տնային պայմաններու մէջ պատրաստուած դիմակներու որակեալ կիրառումը արդիւնաւէտ են, կրնան զէրոյացնել ժահրի տարածման յաճախականութիւնը կամ մօտեցնել զէրոյի:
«Այնուամենայնիւ, մինչ այժմ գործադրուած վարչական լծակները աւելի կը խստացուեն, այսօր արդէն սկսած են հանրապետութեան ամենատարբեր հատուածներուն մէջ՝ սկսած ֆիզիքական անձերէ, աւարտած իրաւաբանական անձերով: Խստացուած ստուգումներ կ’իրականացուին միջմարզային ճանապարհներուն, ընդհուպ մինչեւ անցակէտեր կը սահմանուին, որպէսզի ստուգուի` արդեօք ինքնաշարժին մէջ գտնուող բոլոր քաղաքացիները դիմակներ կը կրեն` սահմանուած կանոնի համաձայն: Բայց դարձեալ կըսեմ` մեր հիմնական ընելիքը մեր սիրելի քաղաքացիներուն հետ երկխօսութիւնն է»,- շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան: