Վերջին 24 ժամուան ընթացքին հակառակորդը ունեցած է շուրջ 360 կենդանի ուժի կորուստ եւ մօտ 600 վիրաւոր

2020-10-01
Image

Արցախ-ատրպէյճանական շփման գիծին տեղի ունեցող մարտական գործողութիւններու հետեւանքով հակառակորդը ունեցած է կենդանի ուժի 350-360 կորուստ:

Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

«Հակառակորդի բոլոր յարձակողական գործողութիւնները ձախողած են, ՀՀ զինուած ուժերը ետ շպրտած են հակառակորդը՝ պատճառելով որոշակի վնաս: Անոնք ունեցած են կենդանի ուժի 350-360 կորուստ եւ մօտ 600 վիրաւոր: Խոցուած է 3 ուղղաթիռ, մօտաւոր 15 միաւոր տարբեր տեսակի զրահամեքենաներ, այդ շարքին նաեւ ՀՄՄ-ներ (hետեւակի մարտական մեքենայ), ոնչնացուած է նաեւ 1 «Սմերչ» կայան, 6 ԱԹՍ, որմէ 2-3-ը գիշերուայ սահմաններուն»,- նշած է Յովհաննիսեանը:

Անոր խօսքով՝ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները, աւելի շատ կը կիրառուի հրետանի, ինչպէս նաեւ վայրկեաններ առաջ մարտական գործողութիւնները սկսած են թէժանալ: