Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ

2020-10-12
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութենէն ներս հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, կառավարութեան քայլերուն եւ գործողութիւններուն, այդ շարքին՝ դիւանագիտական ասպարէզի մէջ, ինչպէս նաեւ պատասխանած է շարք մը հարցերու:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկութիւնները հակառակորդի դէմ պայքարի եւ հետագայ քայլերու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները ողջունած են նման ձեւաչափով միտքերու փոխանակութիւնը: Նշուած է, որ կախուած իրավիճակէն՝ նմանատիպ հանդիպումները կրնան կրել շարունակական բնոյթ: