Վարչապետ Փաշինեան այցելեց Արցախ. Տեղի ունեցած է բարձրաստիճան մակարդակի խորհրդակցութիւն

2020-10-06
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 5 հոկտեմբերին այցելած է Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմի հետ իրականացուցած է խորհրդակցութիւն:

Արցախի պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար, զօրավար-մայոր Ճալալ Յարութիւնեանը հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է առաջնագիծին դաշտային իրավիճակի, հակառակորդի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն արժանի հակահարուած հասցնելու, ինչպէս նաեւ Զինուած ուժերու  առաջիկայ քայլերու մասին: