Վարչապետ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռոպըրթ Օ'Պրայընի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռոպերթ Օ'Պրայընի հետ՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն:
ՀՀ վարչապետը ԱՄՆ նախագահի խորհրդականի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Ատրպէյճանը ոտնահարելով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ընդունուած բոլոր չափանիշերը եւ անտեսելով ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու ջանքերը՝ երեք անգամ անընդմէջ խախտած է հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, որոնցմէ վերջինը ձեռք բերուած էր ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ այդ հարցով Ատրպէյճանին կը սատարէ Թուրքիան եւ հնարաւոր չէ ապահովել հրադադարի պահպանումը` առանց մատնանշելու, թէ որ կողմը խախտած է այն եւ որոնք շահագրգռուած են պատերազմի շարունակմամբ:
Ամերիկեան կողմը հաւաստիացուցած է, որ պիտի շարունակէ միջնորդական գործունէութիւնը հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ եւ կարեւորած է հակամարտութեան մէջ երրորդ ուժերու ներգրաւուածութեան բացառումը: