Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ, նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար՝ Օննիկ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ:
ՀՀ Զինուած Ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը վարչապետին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի՝ Տաւուշի ուղղութեամբ, վերջին երկու օրերուն հակառակորդի կողմէն սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, հակառակորդի գործողութիւնները զսպելու ուղղութեամբ հայկական զինուժի կողմէ իրականացուող պատժիչ քայլերը:
Ընդգծուած է, որ իրավիճակը կը գտնուի ՀՀ զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ստեղծուած իրադրութեան հնարաւոր զարգացումներն ու Զինուած Ուժերու համարժէք գործողութիւնները:
Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ զինուած ուժերը հերթական անգամ ապացուցած են, որ մեզի հետ կարելի չէ խօսիլ ուժի դիրքերէն: