Վարչապետի շնորհակալագրով պարգեւատրուած են բուժաշխատողներ ու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ

ՀՀ վարչապետի որոշմամբ 100-է աւելի բուժաշխատողներ ու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ պարգեւատրուած են շնորհակալագրերով Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրային համավարակի կանխարգելման եւ բուժման գործին մէջ ցուցաբերած նուիրումին եւ բարեխիղճ աշխատանքին համար:
Անոնք կը ներկայացնեն «Նորք վարակաբանական հիւանդանոց» ՓԲԸ-ն, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնը, «Վնասուածքաբանութեան գիտական կեդրոն» ՓԲԸ-ը, «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնը, Ոստիկանութեան բժշկական վարչութեան հիւանդանոցը, «Արտաշատի բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ը, «Կապանի բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ն, «Վանաձորի վարակաբանական հիւանդանոց» ՓԲԸ-ն, «Գիւմրիի վարակաբանական հիւանդանոց» ՓԲԸ-ն, «Արաբկիր» բժշկական համալիր-երեխաներու եւ դեռահասներու առողջութեան հիմնարկը, «Էրեբունի բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ն, «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն»-ը, «Վերարտադրողական առողջութեան, մանկաբարձութեան եւ կինեքոլոկիայի հանրապետական հիմնարկ» ՓԲԸ-ն, Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը, «Վետիի բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ն, Դիլիջանի «ԻՌ-ՈւԻՆԿ» ՍՊԸ-ն, «Սպիտակի բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ն, «Արմենիա» հանրապետական բժշկական կեդրոնը, «Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ը, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ այլ գերատեսչութիւններ:
Նշենք, որ «Նորք վարակաբանական» հիւանդուիւններու ազգային կեդրոնի անձնակազմը նամակ յղած էր ՀՀ վարչապետին: Բաց նամակին մէջ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին, քանի որ հիւանդանոցի աշխատակիցներէն ոչ ոք Անկախութեան տօնին նուիրուած պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ չէր պարգեւատրուած։ Վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը նշած էր, որ 12 բուժաշխատողներ ներկայացուած են պետական պարգեւի 21 սեպտեմբերին, իսկ 100 եւ աւելի բուժաշխատողները մօտ օրերս պիտի պարգեւատրուին վարչապետի յուշամետալով եւ շնորհակալագրով։