Վարչապետը միջնորդած է յետմահու պարգեւատրել զոհուած 4 զինծառայողները

2020-07-15
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջնորդութիւն ստորագրած է նախագահ Սարգսեանին՝ զոհուած զինծառայողները յետմահու պարգեւատրելու համար։ Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի ֆէյսպուքեան էջէն:

Գրառման մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝

«Այս պահուն ստորագրեցի՝ Հայաստանի պետական սահմանի Տաւուշի հատուածի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած՝ քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանը «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, հրամանատար Սոս Էլբակեանը Արիութեան մետալով, կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը Մարտական ծառայութեան մետալներով յետմահու պարգեւատրելու վերաբերեալ Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած միջնորդութիւնը:

Կը խոնարհիմ Ձեր եւ Ձեր ընտանիքներուն առաջ՝ նահատակուած եղբայրներ: Մենք պէ՛տք է կարենանք արժանի ըլլալ Ձեզի եւ Ձեր սխրանքին: Եւ պիտի ըլլա՛նք:

Կեցցէ՛ Հայոց յաղթական բանակը»: