Ստեփանակերտը հրթիռակոծման հետեւանքով կայ 10 վիրաւոր

Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Ստեփանակերտը հրթիռակոծելու հետեւանքով Արցախի փրկարար ծառայութեան մէջ 10 վիրաւոր կայ: Այս մասին յայտնած է Արցախի ԱԻՆ լրատուական ծառայութեան պետ Արմէն Նարիմանեան` աւելցնելով, որ անոնցմէ ոչ մէկուն կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
«Ստեփանակերտի մէջ փրկարար ծառայութեան շէնքը մասնակի աւերուած է, փշրուած են ապակիներ, քանդուած են պատեր, վնասուած են մեքենաներ կառատան մէջ»,-նշած է Նարիմանեան:
Ստեփանակերտի ուղղութեամբ Հոկտեմբեր 2-ին նետուած են, նախնական տեղեկութիւններով, հարուածային հրթիռներ: