Ստեփանակերտը կրկին ենթարկուած է հրթիռային յարձակման

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուած է հրթիռային յարձակման:
Ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Արմէնբրես»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները կրկին ենթարկուած են ատրպէյճանական զինուժի յարձակման: Լսուած է առնուազն երեք պայթիւն:
Մանրամասնութիւնները կը ճշդուին։
Յիշեցնենք, որ 2 հոկտեմբերին երեկոյեան Ատրպէյճանը 3 հրթիռ արձակած է Ստեփանակերտի այլ հատուածներու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով տուժած են քաղաքացիականներ եւ քաղաքացիական կառոյցներ: Այս մասին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը:
«Կայ առնուազն 4 վիրաւոր, առկայ է նաեւ զոհ, սակայն տուեալները կը ճշդուին»,- նշած է Բեգլարեանը: