Ստեփանակերտը կը մաքրուի թշնամիի արձակած ռումբերէն եւ հրթիռներէն

2020-10-15
Image

Բնակչութեան անվտանգ կենսապահովման նպատակով ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեանի յանձնարարականով, ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մաքրել պայթած ու չպայթած ռումբերէն եւ հրթիռներէն:

Արցախի ԱԻ ՊԾ-էն կը յայտնեն, որ սակրաւորներն արդէն քանի մը թաղամասերու յարակից տարածքներուն մէջ եւ բանուկ ճանապարհներուն մօտակայքը գտնուող 300մմ Սմերչ տեսակի հրթիռները հանած եւ ոչնչացնելու նպատակով տեղափոխած են անվտանգ վայր:

Աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ առաջիկայ օրերուն, իսկ կրակի ամբողջական դադարէն ետք՝ շրջաններուն մէջ: