Սպայ Գուրգէն Ալաւէրտեանը եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով շփոթած եւ մոլորած է. ՊՆ-ի խօսնակ

Մարտական յենակէտը ստուգելու նպատակով սպայ Գուրգէն Ալաւէրտեանը եղանակային խիստ անբարենպաստ պայմաններու պատճառով շփոթած եւ մոլորած է:Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
«Ս.թ. 22 օգոստոսին ժամը 19:30-ի սահմաններուն մարտական յենակէտը ստուգելու նպատակով սպայ Գուրգէն Ալաւերդեանը եղանակային խիստ անբարենպաստ պայմաններու պատճառով շփոթած եւ մոլորած է: Կ'իրականացուին որոնողական աշխատանքներ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան` ներթափանցման փորձի մասին տարածած հաղորդագրութիւնը ապատեղեկատւութիւն է, որուն մէջ մոլորածը կը ներկայացուի որպէս ներթափանցող»,- գրած է ան: