Սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ. Պարգեւ Սրբազան

2020-09-27
Image

Կը դիմեմ մեր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն, ստեղծելու աղօթքի միահամուռ շղթայ եւ երկու ժամը մէկ աղօթք ընելու եւ զօրաւիգ ըլլալու մեր բանակին։ Միասնութեան կոչ ըրած է Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը։

«Տէր Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան

Կը դիմեմ հայ ժողովուրդին,

Սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ'ընեմ ըլլալու միասնական, ամուր, անկոտրուն։ Այս անգամ եւս ապացուցենք , որ մեր միասնականութիւնը անպարտելի ուժ է։

Կը դիմեմ Արցախի ժողովուրդին,

Սիրելի արցախցիներ, սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, խոհեմ ու խիզախ։ Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ:

Կոչ կ'ընեմ աղօթելու մեր երկրի անվտանգութեան, յաղթանակի եւ ապահովութեան համար։

Կը դիմեմ մեր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն,
Ստեղծելու աղօթքի միահամուռ շղթայ եւ երկու ժամը մէկ աղօթք ընելու եւ զօրաւիգ ըլլալու մեր բանակին։

 Աստուած մեզի պահապան, զօրաւիգ եւ օգնական»,- գրած է ան։