Սերժ Թանքեանը կոչ ըրած է միանալու Սպիտակ տան եւ Քոնկրէսի կողմէ յարձակումի դատապարտման պահանջով միջնորդագրերուն

«System of a down» աշխարհահռչակ խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանն աշխոյժօրէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն Արցախի մէջ ու կոպիտ կ'արձագանգէ հակառակորդի գործողութիւններուն։
Այս անգամ ան գրառում կատարած է Twitter-ի էջին.
«Քանի մը շաբաթ առաջ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդը կ'ապրէին խաղաղութեան մէջ։ Այժմ անոնց հայրենիքը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ձեռքով ռազմական գործողութիւններու գօտի է։ Կը խնդրենք կոչ ընել Սպիտակ տան եւ Քոնկրէսին՝ դատապարտելու այդ յարձակումը», - գրած է ան: